2013-08-02 11:08:42

Լիբանան - Երեք Հրթիռներ` Պաապտայի Ուղղութեամբ


Հինգշաբթի 1 օգոստոսի կէս գիշերին Սուք Էլ Ղարպ գիւղաքաղաքի անմարդաբնակ մէկ շրջանէն Պաապտայի շրջանին ուղղութեամբ արձակուեցան երեք հրթիռներ, որոնցմէ մէկը ինկաւ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղիին մօտ:
Ապահովական աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ որեւէ մարդկային վնաս չէ արձանագրուած քաղաքայիններու եւ զինուորականներու մօտ: Ըստ նոյն պատկերասփիւռի կայանին, հրթիռներէն մէկը չէ պայթած: Մէկ հրթիռ ինկած է Իլհամ Ֆրայհայի տան պարտէզին մէջ գտնուող աւազանին մէջ: Ֆրայհայի բնակարանը միայն 100 մեթր հեռու է նախագահական պալատէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.